2015-01-18 09:23:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելած վայրերը` Քահանայապետական եւ արքայական Սուրբ Թոմասի համալսարանը


(Ռատիօ Վատիկան) Ասիոյ մէջ Քահանայապետական եւ արքայական Սուրբ Թոմասի համալսարանը ամենահին եւ ամենամեծ համալսարանն է, որ համախմբեց հիմնադրութեան 400 ամեակը։ Համալսարանը կազմուած է զանազան բաժանմունքներէ, ունի նաեւ հիւանդանոց մը եւ աշակերտական բնակավայր, ուր՝ կը բնակին շուրջ 45 հազար ուսանողներ։
1680 թուականէն սկսեալ, համալսարանը կը վայելէ Սպանական թագաւորութեան հովանաւորութիւնը, ան մատակարարուած է Տոմինիքեան հայրերու կողմէ։


''Քուիրինիոյ Կրանտսթանտ'' մարզադաշտը։

Քուիրինիոյ Կրանտսթանտ կոչուած մարզադաշտը կառուցուած է Ֆիլիփինեան կղզեխումբի անկախութեան հռչակման առթիւ, 4 յուլիս 1946ին։
Մարզադաշտը կը կրէ ՝՝Էլփիտիոյ Քուիրինօյի՝՝ անունը որ եղած է Ֆիլիփփինեան կղզեխումբի հանրապետութեան առաջին նախագահը, որ 1949 ին, մարզադաշտին մէջ կատարած էր իր նախագահական երդման արարողութիւնը։
Մարզադաշտը կը գտնուի ''Անել Ռիզալ Բարք'' անուան տարածաշրջանին մէջ։ ՝՝Խօսէ Ռիզալ՝՝ եղած է ազգային հերոս, բանաստեղծ ու յեղափոխական անձնաւորութիւն մը։ Ան գլխատուած է Սպանական թագաւորութեան շրջանին։
Մարզադաշտի շուրջ գտնուող տարածաշրջանը կրնայ հիրընկալել միլինաւոր մարդիկ, ասոր համար սոյն տարածքը հանդիսացած է պետական եւ կրօնական պաշտօնական արարողութիւններու վայր։
Նշենք, թէ վերոյիշեալ վայրին մէջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, 15 յունուար 1995-ին, երիտասարդներու համաշխարհային 10-րդ հաւաքին առթիւ մատուցած է եզրափակիչ սուրբ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են աւելի քան չորս միլիոն հաւատացեալներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.